Խոնարհութիւնը հիմքն է քրիստոնէական կեանքին. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց հերթական աւանդական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով խօսիլ առաքինութիւններու մասին, որպէս նիւթ ընտրեց «խոնարհութիւնը», որ ըսաւ Ան «մաս չի կազմեր ոչ աստուածաբանական եւ ոչ ալ գլխաւոր առաքինութիւններուն բայց հիմքն է քրիստոնէական կեանքին»։
«Անիկա կիրքերուն մէջ ամենամահաբեր կիր`ք հպարտութեան մեծ հակառակորդն է: Մինչ հպարտութիւնն ու անամբարտաւանութիւնը կ՛ուռեցնեն մարդկային սիրտը, մեզ ներկայացնելով աւելին քան այն ինչ որ ենք, հեզութիւնը ամէն բան կը վերածէ իր արդար չափանիշերուն` այսինքն սքանչելի արարածներ բայց սահմանափակ, արժանիքներով եւ թերութիւններով»։
«Աստուածաշունչը սկիզբէն ի վեր մեզի կը յիշեցնէ, որ հող ենք եւ հող պիտի դառնանք (Ծննդրոց 3,19)» ։
«Իր Երանութիւններուն մէջ Յիսուս կը մեկնի ճիշտ խոնարհներէն «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է Երկնքի թագաւորութիւնը» (Մատթ. 5,3)։ Ասիկա առաջին Երանութիւնն է, որ հիմքը կը կազմէ միւս երանութիւններուն, արդարեւ, հեզութիւնը, ողորմութիւնը, սրտի մաքրութիւնը կը ծնին փոքրութեան ներքին զգացմունքէն։ Խոնարհութիւնը միւս բոլոր առաքինութիւններուն մուտքի դուռն է», ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով Աւետարանի էջերուն մէջ գտնուող խոնարհութեան ու հեզութեան հայող խօսքերուն ու մասնաւորապէս Սուրբ Կոյս Մարիամին` որ խոնարհութեան տիպար է, ու անոր «Մեծացուսցէին»։ «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով փրկչաւ իմով: Այց արար ի վերայ խոնարհութեան աղախնոյ իւրոյ» (Ղուկ. 1, 46-48).
«Աստուած գրաւուած է Մարիամի փոքրութեամբ, ու յատկապէս ներքին փոքրութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով Սուրբ Կոյսին խոնարհութիւնը ու անոր հեզութեան վարմունքը»։
«Արդարեւ նոյնիսկ Անոր կեանքի ամենասուրբ ճշմարտութիւնը` Աստուծոյ Մայր ըլլալը, Անոր համար մարդոց առջեւ պարծանքի պատճառ չի դառնար» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ Մարիամ եւս ունեցաւ դժուար պահեր, օրեր` որոնց ընթացքին անոր հաւատքը քալեց խաւարին մէջ, բայց այս մէկը չպակսեցուց Անոր խոնարհութիւնը։ «Այս կ՛ուզեմ ընդգծել. Խոնարհութիւնը հսկայական առաքինութիւն է» եւ «փոքրութիւնն է, որ մեզի կու տայ խոնարհութիւնը, մտածենք Մարիամի մասին, Անոր փոքրութիւնը անոր անյաղթելի ուժն է, ինքն է արդարեւ, որ մնաց խաչին ոտքին, մինչ յաղթական Մեսիայի մը պատրանքը փշուր փշուր եղաւ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Հեզութիւնը ամէն ինչ է»։
«Հեզութիւնն է, այն բանը, որ մեզ կը փրկէ Չարէն ու անոր յանցակիցները դառնալու վտանգէն։ Անիկա աշխարհի ու Եկեղեցւոյ խաղաղութեան աղբիւրն է։ Այնտեղ ու հեզութիւն չկայ կայ պատերազմ, կայ անհամաձայնութիւնը, կայ բաժանում։ Աստուած որպէս տիպար ներկայացուց Յիսուսն եւ Մարիամը, որովհետեւ անոնք մեր փրկութիւնն ու մեր երջանկութիւնն են։ Խոնարհութիւնն է ճանապարհը, փրկութեան ուղեւորութիւնը», ըսաւ ապա Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ