«Սուրբ Հոգին եւ Յայտնութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Եկեղեցին կը սնանի Սուրբ Գրութիւններու հոգեւոր ընթերցումով, այսինքն ընթերցումը, որ կատարուած է Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ այդ գրութիւններու կեդրոնը կայ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան իրադարձութիւնը, որ իր լրումին կը հասցնէ փրկութեան ծրագիրը, կ՛իրականացնէ մարգարէութիւնները եւ բոլորին կը բացայայտէ, թաքուն խորհուրդները, նուիրելով համայն Աստուածաշունչի ընթերցանութեան իսկական բանալին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 12 Յունիս 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց անցեալ շաբաթներու սկսած` «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթին վրայ, այս անգամ խօսելով Սուրբ Հոգիի յայտնութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան ու աշխատանքի մասին, յատկապէս Սուրբ Գիրքին մէջ։

«Սուրբ Հոգին խօսեցաւ մարգարէներու միջոցաւ»

Խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Պապը մէջբերեց Սուրբ Պօղոսին Տիմոթէոսին ուղղած նամակէն «Համայն Սուրբ Գրութիւնը ներշնչուած է Աստուծմէ» խօսքը, ապա նշեց` որ «Սուրբ Հոգին, որ ներշնչեց Սուրբ Գրութիւնները է նաեւ Ան, որ զանոնք կը բացատրէ եւ զանոնք կը դարձնէ յաւիտենապէս կենդանի եւ գործունեայ»։  

«Երբ մենք  Հաւատամքը կը հռչակենք,  կ՛ըսենք, որ «Սուրբ Հոգին խօսեցաւ մարգարէներու միջոցաւ», եւ այդպիսով կը հաստատենք մեր հաւատքը Սուրբ Գիրքի աստուածային ներշնչման հանդէպ, այսինքն՝  թէ ան անփոփոխ կերպով մեզի կը  փոխանցէ Աստուծոյ խօսքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ հաստատեց, որ «Սուրբ Հոգին Ներշնչուածէն զանոնք կը դարձնէ ներշնչող» ակնարկելով  Տիեզերական Ժողովի «Dei Verbum» սահմանադրութեան ապա հաստատելով, որ «Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ մէջ  կը շարունակէ Յարուցեալին գործը, որ Զատկուընէ ետքը «բացաւ աշակերտներուն միտքը Գրութիւններու իմաստութեան». (Ղուկ. 24,45)»։

Սուրբ Հոգին կը լուսաւորէ Սուրբ Գրային խօսքերը

«Արդարեւ կարելի է` որ պատահի, որ Սուրբ Գիրքի որոշակի հատուած մը, զոր մենք բազմիցս կարդացած ենք առանց առանձնայատուկ յոյզերու, օր մը զայն կարդանք հաւատքի և աղօթքի մթնոլորտի մէջ, և այդ հատուածը յանկարծ լուսաւորուի, խօսի մեզի հետ, լոյս արձակէ մեր ապրած խնդիրի մը վրայ, , յստակեցնէ Աստուծոյ կամքը մեզի համար», ըսաւ Քահանայապետը բացատրելով որ  «այս փոփոխութիւնը կարելի է վերագրել Սուրբ Հոգիի լուսաւորումին։ Որովհետեւ  Սուրբ Գրութիւններու խօսքերը Սուրբ Հոգիի ներգործութեան տակ, կը դառնան լուսաւոր»։

«Եկեղեցին կը սնանի Սուրբ Գրութիւններու հոգեւոր ընթերցումով, այսինքն ընթերցումը, որ կատարուած է Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ այդ գրութիւններու կեդրոնը կայ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան իրադարձութիւնը, որ իր լրումին կը հասցնէ փրկութեան ծրագիրը, կ՛իրականացնէ մարգարէութիւնները եւ բոլորին կը բացայայտէ, թաքուն խորհուրդները, նուիրելով համայն Աստուածաշունչի ընթերցանութեան իսկական բանալին»։

Հոգեւոր ընթերցանութիւններ ու կարճ քարոզներ

Սրբազան Պապը առաջարկեց հուսկ հոգեւոր ընթերցանութեան որոշ  ձեւեր` ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական կերպով, ու հաստատեց` որ «Սուրբ Գիրքի գերագոյն հոգևոր ընթերցումը հասարակական ընթերցումն է, որ տեղի կ՛ունենայ  ծիսակատարութեան ու յատկապէս Սուրբ Պատարագի ժամանակ, այս առնչութեամբ Քահանաներուն թելադրելով, որ երկար քարոզներ չի կատարեն ու կարողութիւնն ունենան Աստուծոյ Խօսքը գիրքէն  փոխադրելու կեանքին։ 

«Պէտք է հակիրճ քարոզներ կատարէք` մտածում մը, զգացում մը եւ գործողութեան համար յուշում» ըսաւ Սրբազան Պապը, խրատելով որ քարոզները ութը վայրկեանը չհատեն։

Գրպանի Աւետարանը 

 «Այնպէս ինչպէս երաժշտութեան որոշ ստեղծագործութիւններու պարագային, Սուրբ Գրութիւնը նոյնպէս ունի խորքային «նոթ» մը, որ անոր կ՛ ուղեկցի սկզբէն մինչև վերջ, և այդ «նոթան» Աստուծոյ սէրն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը, որ կ՛ըսէ, թէ «ամբողջ Աստուածաշունչը  ուրիշ բան չընէր  եթէ ոչ մեզի խօսիլ Աստուծոյ սիրոյն մասին»։ Մինչ Մեծն Սուրբ Գրիգորը  Սուրբ Գիրքը կը սահմանէ, որպէս «նամակ ամենակարող Աստուծմէ իր արարածին», եւ կը խրախուսէ «սորվիլ ճանչնալ Աստուծոյ սիրտը` Աստուծոյ խօսքերուն միջոցաւ» յարեց ապա Սրբազան Պապը անգամ մը եւս յիշեցնելով մեր հետ տանիլ գրպանի Աւետարան մը ու զայն կարդալ, որպէսզի աւելի մօտիկ ըլլանք Սուրբ Հոգիին, որ կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ 

«Սուրբ Հոգին, որ ներշնչեց Գրութիւնները եւ այժմ կը շնչէ Գրութիւններուն մէջ, թող օգնէ մեզի, որպէսզի կարողանանք ընկալել Աստուծոյ այդ սէրը մեր կեանքի շօշափելի եւ գործնական իրադարձութիւններուն մէջ»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2024, 09:15

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >