Վերափոխման տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 15 Օգոստոս 2024ի կէսօրին ըստ լատինաց Տիրամօր Երկինք վերափոխման տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ տօնին նուիրուած խորհրդածութիւնը հիմնուելով Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած Աւետման դէպքը պատմող աւետարանական հատուածը։
«Հազիւ ընդունեց Հրեշտակին աւետիսը Նազարէթի աղջնակը ճամբայ կ՛ելլէ այցելելու համար իր զարմիկը` Եղիսաբեթը» ըսաւ Քահանայապետը շեշտը դնելով «ճամբայ ելաւ» խօսքին վրայ ու բացատրելով, թէ Ան այս ըրաւ «շտապողականութեամբ, անոնց որոնք կը ցանկանան այդ ուրախութիւնը յայտնել ուրիշներուն և ինքզինք իր զարմիկին ծառայութեան տակ դնելու մտահոգութեամբ»։
«Այս առաջին ճամբորդութիւնը փոխաբերութիւն մըն է անոր համայն կեանքին, որովհետեւ այդ պահէն սկսեալ Մարիամ միշտ ուղեւորութեան մէջ պիտի ըլլայ հետեւելով Յիսուսին, որպէս Արքայութեան աշակերտուհի» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ «ի վերջոյ անոր երկրային ուխտագնացութիւնը կ՛աւարտի Երկինք Վերափոխմամբ, ուր իր Զաւկին հետ միասին կը վայելէ յաւիտենական կեանքի երջանկութիւնը»։
«Սուրբ Կոյսը ան է` որ մեզ կանխեց, բոլորիս յիշեցնելով, որ մեր կեանքը եւս ճանապարհորդութիւն մըն է դէպի Տիրոջ հետ վերջնական միութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ հրաւիրեց աղօթել, որպէսզի Տիրամայրը մեզի օգնէ յառաջ ընթանալու այս ճամբորդութեան մէջ դէպի Տիրոջ հետ հանդիպում։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ