Դրոշմը Սուրբ Հոգիին Խորհուրդ` Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւն։

«Դրոշմի Խորհուրդը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար այն է, ինչ որ Պենտեկոստէն է ողջ Եկեղեցու համար: Ան արդարեւ կ՛ամրապնդէ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը ու հակումը Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ, հաղորդելով Սուրբ Հոգիին շնորհքներու առատութիւնը ու եթէ Սուրբ Մկրտութիւնը ծննդեան Խորհուրդ է. Դրոշմը աճումի Խորհուրդ է, ու նաեւ վկայութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կը շարունակենք Սուրբ Հոգիին Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Սուրբ Խորհուրդներու միջոցաւ ներգործութեան մասին խորհրդածութիւնը»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան` 30 հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան, Քահանայապետական բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին, ուր համախմբուած էին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին

Արդարեւ Ան շարունակելով  «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթի մասին խորհրդածութիւններու շարքը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Դրոշմի Խորհուրդին վրայ հաստատելով` որ անիկայ Սուրբ Հոգիին Խորհուրդն է։

«Սուրբ Հոգիին սրբացնող ներգործութիւնը մեզի կը հասնի երկու խողովակներով. Աստուծոյ Խօսքը եւ Խորհուրդները» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Խորհուրդներու միջեւ կայ խորհուրդ մը` որ գերազանցապէս Սուրբ Հոգիի խորհուրդն է` Դրոշմը»

Սուրբ Հոգիին խորհուրդ` Դրոշմը

Նոր կտակարանին մէջ ջուրով մկրտութենէն անդին կը խօսուի այլ մէկ ծիսակատարութեան մասին` «ձեռքեր դնելը», որուն նպատակն է Սուրբ Հոգին հաղորդել տեսանելի կերպով, ազդեցութիւններով, որոնք նման են Պենտեկոստէի օրր Առաքեալներուն ստացած ազդեցութիւններուն։

«Գործք Առաքելոցի մէջ արդարեւ կը խօսուի այս ծիսակատարութեան մասին (8,14-17) ու Պօղոս առաքեալ Կորընթացներուն ուղղած Երկրորդ նամակին մէջ կը հաստատէ «Բայց ան` որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է. Որ մեզ ալ կնքեց եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ (1,21-22)» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց «Սուրբ Հոգիի թեման՝ որպէս «արքայական կնիք», որով Քրիստոսը կը կնքէ իր ոչխարները, «անջնջելի բնաւորութեան» վարդապետութեան հիմքն է, որ կը շնորհուի Դրոշմի ծէսով»։

Դրոշմը աճումի եւ հասունութեան Խորհուրդ 

Ան ապա մատնանշելով` թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին Դրոշմի Խորհուրդը դարձաւ առանձին Խորհուրդ, մէջբերեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի` Խորհուրդին հայող սահմանումը «Դրոշմի Խորհուրդը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար այն է, ինչ որ Պենտեկոստէն է ողջ Եկեղեցւոյ համար: Ան արդարեւ կ՛ամրապնդէ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը ու հակումը Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ, հաղորդելով Սուրբ Հոգիին շնորհքներու առատութիւնը ու եթէ Սուրբ Մկրտութիւնը ծննդեան Խորհուրդ է. Դրոշմը աճումի Խորհուրդ է, ու նաեւ վկայութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ անիկա զօդուած է քրիստոնէական էութեան հասունութեան եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց` որ այս Խորհուրդը Եկեղեցիէն մեկնումի կամ հեռանալու Խորհուրդ չդառնայ - մինչեւ այլ Խորհուրդ որ է սուրբ պսակը - ալ ըլլայ սկիզբի Խորհուրդ, Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու համար։

Համտսեսել ու վկայել Հոգիին պտուղները

«Թէեւ այս նպատակը շատ անգամ կարող է թուալ անհասանելի, ի տես այսօրուայ Եկեղեցւոյ իրողութեան, բայց եւ այնպէս «պէտք է միշտ հետապնդել զայն», թելադրեց Քահանայապետը այս ծիրէն ներս առաջարկելով նաեւ թոյլ տալ` որ աշխարհական հաւատացեալներ, որոնք անոր միջոցաւ փորձարկեցին Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումի մը փորձառութիւնը, իրենց օգնութիւնը ու վկայութիւնը մատուցեն պատանիներուն ու մեծահասակներուն, որոնք կը պատրաստուին այդ Խորհուրդին։

«Այս մէկը սակայն չի հայիր միայն ապագացու Դրոշմուածներուն այլ նաեւ մեզի բոլորիս։ Մենք Դրոշմի հետ միասին ընկալեցինք նաեւ, ինչպէս կը գրէ Պօղոս Առաքեալը Հռովմէացիներուն «Հոգիին առաջին պտուղը», ուստի պէտք է, որ մենք համտեսենք այդ պտուղը ու գետնի տակ չթաղենք քանքարներն ու շնորհապարգեւները» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի այլ մէկ խօսքին ուղղուած Տիմոտէոսին «արծարծէ Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի» » (2 Tm 1,6)։

Դառնանք Հոգիի կրակի ջահակիրներ

«Ահա յոբելենական տարւոյն համար գեղեցիկ նպատակ մը։ Հեռացնենք սովորութեան և անջատումի մոխիրը, դառնանք, ինչպէս օլիմպիական խաղերու ջահակիրներ, Հոգիի կրակը կրողներ: Թող Հոգին օգնէ մեզի, որպէսզի մի քանի քայլ ընենք այս ուղղութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2024, 09:17

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >