2024.11.06 Udienza Generale

Սուրբ Հոգին եւ քրիստոնէական աղօթքը. Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Քրիստոնէական աղօթքը այն մարդը չէ, որ կը խօսի Աստուծոյ հետ հեռախօսի մէկ ծայրէն, միւս ծայրը, ոչ, Աստուած է, որ կ՛աղօթէ մեր մէջ: Մենք կ՛աղօթենք Աստուծոյ` Աստուծոյ միջոցաւ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ ինչպէս աղօթքին մէջ է, որ Սուրբ Հոգին կը յայտնուի որպէս մխիթարիչ` փաստաբան ու պաշտպան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 6 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց Սուրբ Հոգիին նուիրած իր խորհրդածութիւններու շարքը, այս անգամ որպէս նիւթ ընտրելով` «Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար, Սուրբ Հոգին եւ քրիստոնէական աղօթքը»։

Սուրբ Հոգին քրիստոնէական աղօթքին ենթական ու առարկան

«Սուրբ Հոգիին սրբացնող ներգործութիւնը Աստուծոյ Խօսքին ու Խորհուրդներու ընդմէջէն անդին կ՜արտայայտուի աղօթքի մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը դիտել տալով, թէ Սուրբ Հոգին միեւնոյն ատեն ենթական ու առարկան է քրիստոնէական աղօթքին։

«Ան ան է` որ աղօթքը կը նուիրէ եւ Ան, որուն նուիրուած է աղօթքը» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը նշելով, թէ «մենք կ՛աղօթենք, որպէսզի ընդունինք Սուրբ Հոգին ու Սուրբ Հոգին կ՛ընդունինք, որպէսզի կարողանանք աղօթել իրական կերպով, այսինքն` որպէս Աստուծոյ զաւակներ եւ ոչ թէ ստրուկներ» եւ ասկէ մեկնելով յորդորեց աղօթել ազատ կերպով, որովհետեւ, ըսաւ Ան, «Աղօթքը ազատ է։ Դուն կ՛աղօթես եւ Սուրբ Հոգին քեզ կ՛օգնէ աղօթելու։ Իսկ երբ սրտիդ մէջ այլեւս չզգաս աղօթելու անհրաժեշտութիւնը, դուն քեզի հարց տուր, ի՞նչ կը պատահի իմ կեանքիս մէջ...բայց միշտ ինքնաբուխութիւնն է որ աղօթքի մէջ մեզի աւելիով կ՛օգնէ եւ այս կը նշանակէ աղօթել` որպէս զաւակներ եւ ոչ որպէս ստրուկներ» յարեց Սրբազան Պապը։

Աղօթքը եւ Սուրբ Հոգին

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Սուրբ Հոգին ընդունելու համար աղօթքին, յղում կատարելով Յիսուսի խօսքերուն ու Նոր Կտակարանի մէջ Սուրբ Հոգիի գործունէութեան, աղօթքի ժամանակ, օրինակ երբ ան կ՛իջնէ Յիսուսին վրայ, Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան ժամանակ, երբ «Յիսուս աղօթքի մէջ էր» (Ղուկ. 3,21), կամ նաեւ Պենտեկոստէի օրը աշակերտներուն վրայ` երբ անոնք «ամփոփուած էին աղօթքի մէջ» (Գործ առաքելոց 1,14)։

«Ասիկա միակ «իշխանութիւնն» է զոր մենք ունինք Աստուծոյ Հոգիին վրայ, աղօթքի իշխանութիւնը. Մենք կ՛աղօթենք ու Ան կու գայ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար

«Եկեղեցին միշտ կը հայցէ Սուրբ Հոգին «եկուր» ըսելով ու այս մէկը կ՛ընէ մասնաւորապէս պատարագի ընթացքին, որպէսզի Ան իջնէ ու «սրբացնէ հացն ու գինին սուրբ հաղորդութեան զոհի համար», նկատել տուաւ Քահանայապետը հաստատելով նաեւ, թէ մեզի համար քաջալերական է իմանալ` որ «Սուրբ Հոգին Ան է, որ մեզի կը պարգեւէ իսկական աղօթքը։ Սուրբ Պօղոս կը հաստատէ, թէ Ան կու գայ մեզի օգնելու մեր տկարութեան մէջ, արդարեւ մենք չենք գիտեր յարմար կերպով աղօթել բայց Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար, ան կը քննէ սրտերը, գիտէ, թէ ինչ կ՛ ուզէ Հոգին, որովհետև ան կը բարեխօսէ սուրբերուն համար Աստուծոյ ծրագրերուն համաձայն» (Հռովմ. 8,26-27).

Սուրբ Հոգին մեր շրթունքներուն վրայ կը զետեղէ «Աբբա - Հայր» աղաղակը

Շիտակ է մենք աղօթել չենք գիտեր, եւ այս մեր աղօթքի տկարութեան պատճառը կու գայ հին ժամանակ գործածուած բառէ մը, որ օգտագործուած է երեք կերպերով, որպէս ածական, որպէս գոյական և որպէս մակդիր “mali, mala, male petimus”, որ է ըսել` ըլլալով չար, սխալ բաներ կը խնդրենք ու զայն կ՛ընենք սխալ ձեւերով։

Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներէն աւելի ձեզի պիտի տրուին» (Մատթ. 6,33); Իսկ մենք կը փնտռենք նախ այն աւելին, այսինքն մեր շահը ու կը մոռնանք հայցելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Սուրբ Հոգին կու գայ մեր օգնութեան եւ աւելին` Ան կը հաստատէ, թէ մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք ու մեր շրթունքներուն վրայ կը զետեղէ «Աբբա - Հայր» աղաղակը։

Սուրբ Հոգին մխիթարիչ` փաստաբան ու պաշտպան

«Քրիստոնէական աղօթքը այն մարդը չէ, որ կը խօսի Աստուծոյ հետ հեռախօսի մէկ ծայրէն, միւս ծայրը, ոչ, Աստուած է, որ կ՛աղօթէ մեր մէջ: Մենք կ՛աղօթենք Աստուծոյ` Աստուծոյ միջոցաւ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ ինչպէս աղօթքին մէջ է, որ Սուրբ Հոգին կը յայտնուի որպէս մխիթարիչ` փաստաբան ու պաշտպան։ Ան մեզ կը պաշտպանէ Հօր առջեւ մեզի համոզելով, թէ մենք մեղաւոր ենք ու այս մէկը կ՛ընէ որպէսզի համտեսենք Հօր Աստուծոյ ողորմութեան ուրախութիւնը եւ ոչ թէ մեզ կործանելու համար», ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, թէ նոյնիսկ երբ մեր սիրտը մեզ կը յանդիմանէ բանի մը համար, Սուրբ Հոգին մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած աւելի մեծ է մեր սրտէն (Ա Յովհ. 3,20).

Բարեխօսական աղօթքը

Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար, բայց նաև կը սորվեցնէ, որ մեր կարգին բարեխօսենք մեր եղբայրներուն համար. Մեզի կը սորվեցնէ բարեխօսական աղօթքը: Այս աղօթքը յատկապէս հաճելի է Աստուծոյ, քանի որ այն ամենաազատն է և անշահախնդիրը: Երբ իւրաքանչիւրը աղօթէ բոլորի համար, կը պատահի որ աղօթքը կը բազմապատկուի, կը նշէ Սուրբ Ամպրոճոն» յարեց Նորին Սրբութիւնը պարտականութիւն մը յանձնելով համայն Եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի յոբելեանի նախապատրաստման այս պահուն. «Միանալ Մխիթարիչին, որ կը բարեխօսէ սուրբերու համար, Աստուծոյ ծրագիրներուն համաձայն»:

«Եւ երբ աղօթես Հայր մերը, աղօթէ «Հայր, դուն իմ Հայրն ես»: Աղօթէցէք սրտով և ոչ թէ շուրթերով, մի վարուիք թութակներու պէս: Թող Հոգին օգնէ մեզի աղօթքին մէջ, որուն մենք ունինք մեծ կարիք: Շնորհակալութիւն» եղան Նորին Սրբութեան խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2024, 09:29

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >