Papa Francesco, udienza generale

Սուրբ Հոգին քրիստոնէական յոյսի մշտահոս աղբիւր. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քրիստոնեան չի կրնար գոհանալ յոյս ունենալով. Պէտք է նաեւ այդ յոյսը սփռէ, ըլլալ յոյսի սերմնացան։ Ասիկա ամենագեղեցիկ նուէրն է որ Եկեղեցին կարող է ընել համայն մարդկութեան, մասնաւորապէս այն պահերու ընթացքին, ուր ամէն բան կարծես կը մղէ վար առնելու առագաստները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ։

Այս առիթով Ան ողջունելով ներկաները յայտնեց` թէ «հասած ենք Սուրբ Հոգիի ու Եկեղեցւոյ նուիրուած խորհրդածութիւններու աւարտին» ու թէ այսօրուան խորհրդածութիւնը նուիրուած է խորհրդածութիւններու շարքի գլխաւոր նիւթին, այսինքն «Հոգին ու Հարսը։ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին` մեր Յոյսին», եւ ասկէ մեկնելով Ան շեշտը դրաւ Յայտնութեան գիրքի վերջին գլուխէն քաղուած «Հոգին եւ Հարսը կ՛ըսեն. Եկուր» խօսքին վրայ, որ ուղղուած է յարուցեալ Քրիստոսին եւ որ կ՛արտայայտէ Տիրոջ փառաւոր վերադարձի բուռն սպասումը, «աղաղակ ու սպասում` որ երբեք չի շիջանեցան Եկեղեցւոյ մէջ եւ որ այսօր եւս կը շարունակուի կրկնուի Պատարագին մէջ։

Եկուր

«Հոգիով կենդանացած՝ Եկեղեցին ոչ միայն կը սպասէ Անոր վերջնական վերադարձին, այլեւ իր ամենօրեայ ժամանումին` ներկայ և ուխտաւոր իրավիճակին մէջ» դիտել տուաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը նշելով նաեւ, թէ այդ «Եկուր»ը ուղղուած չէ միայն Քրիստոսին այլեւ նոյնինքն Սուրբ Հոգիին` «Եկ Սուրբ Հոգի»։

Քրիստոսն ու Սուրբ Հոգին անբաժան են իրարմի

Եկեղեցւոյ այս կոչը «Եկ» արդարեւ այն խնդրանքն է, որով կը սկսին Հոգիին ուղղուած բոլոր աղօթքները, որովհետեւ Յարութենէն ետքը Սուրբ Հոգին Քրիստոսին իսկական «փոխանակողն» է, որ զԱյն Եկեղեցւոյ մէջ կը դարձնէ ներկայ ու գործունեայ։ Ան է` որ կը հռչակէ ապագայի բաները ու զանոնք փափաքիլ եւ սպասել կու տայ։ Ահա թէ ինչու Քրիստոս եւ Հոգին անբաժան են իրարմէ, նաեւ փրկութեան տնտեսութեան մէջ, բացատրեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Յոյսի մշտահոս աղբիւրը

Սուրբ Հոգին քրիստոնէական յոյսի յարատեւ մշտահոս աղբիւրն է: Սուրբ Պօղոս գրած է. «Արդ՝ յոյսի Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ» (Հռովմ. 15,13)։

«Եթէ Եկեղեցին նաւ մըն է, Սուրբ Հոգին անոր առագաստն է, որ զայն կը մղէ ու կը յառաջացնէ պատմութեան ծովուն մէջ, այսօր ինչպէս անցեալին» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Յոյսը դատարկ խօսք մը չէ եւ ոչ ալ մեր անորոշ ցանկութիւնը` որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ դէպի լաւը. Անիկա վստահութիւն է, քանի որ հիմնուած է Աստուծոյ իր խոստումներուն հաւատարմութեան վրայ։ Ասոր համար ան կոչուած է աստուածաբանական առաքինութիւն, որովհետեւ կու գայ Աստուծմէ ու Աստուած ունի որպէս երաշխաւոր։ Անիկա չի սպասեր, որ իրադարձութիւնները տեղի ունենան այլ գործունեայ կերպով կը սատարէ` անոնց իրականացման համար։ Անձ մը` որ պայքարեցաւ աղքատներու ազատութեան համար, գրեց հետեւեալ խօսքերը. «Սուրբ Հոգին աղքատներու աղաղակին սկիզբն է։ Ուժն է տրուած անոնց` որոնք ուժ չունին։ Անիկա կը ղեկավարէ ճնշուած ժողովրդի ազատագրման և լիարժէք իրացման պայքարը»։

Ըլլալ յոյսի սերմնացան

«Քրիստոնեան չի կրնար գոհանալ յոյս ունենալով. Պէտք է նաեւ այդ յոյսը սփռէ, ըլլալ յոյսի սերմնացան։ Ասիկա ամենագեղեցիկ նուէրն է« որ Եկեղեցին կարող է ընել համայն մարդկութեան, մասնաւորապէս այն պահերու ընթացքին, ուր ամէն բան կարծես կը մղէ վար առնելու առագաստները» նշեց ի միջի աղլոց Սրբազան Պապը ականրկելով Պետրոս առաքեալը առաջին քրիստոնեաներուն ուղղած յորդորին. «Ձեր սրտերուն մէջ սրբացուցէք Քրիստոս` մեր Տէրը, միշտ պատրաստ ըլլալով պատասխանելու ամէն անոնց որոնց կը հարցնեն ձեր յոյսի Խօսքին մասին։ Բայց այս ըրէք անուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ» (Ա Պետրոս 3,15-16):

«Այո,  ըսաւ Սրբազան Պապը. քանի որ փաստարկներու ուժը չէ որ կը համոզէ մարդիկը, այլ սէրը, որ մենք կը կարողանանք ներդնել անոնց մէջ։ Ասիկա աւետարանութեան առաջին եւ ամենարդիւնաւէտ ձեւն է։ Եւ բաց է բոլորին» յարեց Ան ու  խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով` որ Սուրբ Հոգին օգնէ մեզի «առատանալու յոյսով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 09:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >