Յիսուս Բարի Հովիւը. Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 21 ապրիլ 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Յովհաննէսի Աւետարանէն (10,11-18) քաղուած Բարի Հովիւի առակը պատմող հատուածը։
Բարի Հովիւը իր կեանքը կու տայ
«Յիսուս այսօրուայ Աւետարանին մէջ կ՛ըսէ. «Բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» եւ այս մէկը կը կրկնէ երեք անգամ», ըսաւ խորհրդածութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը, բացատրելով` որ «Հովիւ ըլլալը, մասնաւորապէս Քրիստոսի ապրած ժամանակ, միայն արհեստ մը չէր, այլ կեանք։ Անիկա պարզ ժամանակաւոր աշխատանք մը ունենալ չէր, այլ կիսել էր համայն տիւն ու գիշերը ոչխարներուն հետ, անոնց հետ միասին ապրիլ միասնութեամբ»։
«Յիսուս արդարեւ կը նշէ որ ան վարձկան մը չէ, որ հետաքրքրուած չէ ոչխարներով, այլ կը ճանչնայ զանոնք» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց. «Այսպէս Յիսուս նաեւ մեզ կը ճանչնայ ու կը կոչէ անունով, ու երբ կորսուինք կու գայ մեզ փնտռելու...աւելին Յիսուս Բարի Հովիւն է, որ մեզի համար զոհեց իր կեանքը եւ յարութիւն առնելէ ետք մեզի պարգեւեց Սուրբ Հոգին» ըսաւ ապա Քահանայապետը շեշտը դնելով Յիսուսին մեզի ցուցաբերած անհուն սիրոյն վրայ։ «Յիսուս արդարեւ իր կեանքը տուաւ ինծի համար, որովեհետւ զիս կը սիրէ» հաստատեց Սրբազան Պապը։
Մենք մեզ դնենք Յիսուսի ներկայութեան
«Այսօր, քանի անձեր իրենք զիրենք կը զգան անպատշաճ...քանի անգամներ կը մտածենք, թէ մեր արժէքը կախեալ է նպատակներէն զոր կը կարողանանք ձեռք բերել, աշխարհի աչքերուն յաջողութիւններէն, միւսներու դատումներէն…. Յիսուս այսօր մեզի կ՛ըսէ, թէ մենք թանկարժէք ենք իրեն համար, ուստի մենք մեզ վերագտնելու համար, առաջին բանը, զոր պէտք է ընենք, մենք մեզ Անոր ներկայութեան դնելն է, թոյլ տալով ընկալուիլ ու ոտքի վերականգնիլ մեր Բարի Հովիւի սիրալիր բազուկներով», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց հարցեր տալու թէ ի՞նչպէս է մեր վարուելակերպը, եթէ ժամանակ կը գտնենք աղօթքի, փառաբանութեան ու մենք մեզ դնելու Քրիստոսի ներկայութեան առջեւ։
Քրիստոսին մէջ գտնենք կեանքին էականը
«Եթէ այս մէկը ընես պիտի վերագտնես կեանքին գաղտնիքը` պիտի յիշես, որ Բարի Հովիւը իր կեանքը տուաւ քեզի համար եւ Անոր համար դուն կարեւոր ես, բոլորս ալ կարեւոր ենք Անոր համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի «օգնէ մեզի Յիսուսին մէջ վերագտնելու կեանքին էականը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ