Աճինք Յիսուսին հետ բարեկամութեան մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 5 Մայիս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակէն գլխաւորեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանի 15րդ գլուխէն, ուր Յիսուս խօսելով առաքեալներուն հետ կ՛ըսէ. «Ձեզ չեմ կոչեր ծառաներ այլ բարեկամներ»։
Բարեկամութիւնը ապրելու փորձառութիւն
Հատուածին իմաստը մեկնաբանելով Քահանայապետը նշեց որ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ ծառաները յատուկ անձեր են, որոնց Ան կը վստահի կարեւոր առաքելութիւններ, ինչպէս Մովսէսը, Դաւիթ Թագաւորը, Եղիա մարգարէն մինչեւ Սուրբ Կոյս Մարիամը։ «Բայց Յիսուսին համար այս բոլորը բաւարար չէ, որպէսզի հասկնանք թէ ո՞վ ենք մենք իրեն համար...»յարեց Նորին Սրբութիւնը շեշտելով` «հարկաւոր է բարեկամութիւնը»։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ակնարկեց իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ ապրուած բարեկամութեան փորձառութեան սկսեալ մանկութենէն երբ բարեկամներուն կը նուիրենք խաղալիքներ, ապա երիտասարդ տարիքին երբ անոնց կը վստահինք մեր առաջին գաղտնիքները ու մեր հաւատարմութիւնը, հուսկ մեծնալով անոնց հետ կը կիսենք ուրախութիւնն ու մտահոգութիւն ապա ծերութեան ժամանակ յիշատակներ։
Իսկական բարեկամը քեզ չի լքեր
Հրաւիրելէ ետք` որ պահ մը մտածենք մեր բարեկամներու մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Բարեկամութիւնը ոչ հաշուարկներու, ոչ ալ պարտադրանքի արդիւնք է, ան կը յառաջանայ ինքնաբերաբար, երբ մենք ուրիշի մէջ կը տեսնենք մեզմէ բան մը։ Եւ եթէ բարեկամութիւնը իրական է, այնքան ալ ուժեղ է` որ չի պակսիր նոյնիսկ դաւաճանութեան ժամանակ։ «Ընկեր մը միշտ ալ քեզ կը սիրէ» կ՛ըսէ Առակաց գիրքը (17,17) այնպէս ինչպէս Յիսուս եւս ցոյց կու տայ մեզի այս մէկը երբ Յուդային, որ զինք համբոյրով դաւաճանեց, կ՛ըսէ. «Բարեկամ, ասոր համար այստեղ ես»: (Մատթ. 26.50)։
«Իսկական բարեկամը քեզ չի լքեր, նոյնիսկ երբ դուն սխալած ես. Ան քեզ կ՛ ուղղէ, գուցէ կը յանդիմանէ, բայց կը ներէ և քեզ չի լքեր» յարեց իր միջից այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Յիսուս այսօրուան Աւետարանին մէջ կ՛ըսէ թէ մենք իրեն համար բարեկամներ ենք` սիրելի անձինք, որոնց Ինք ձեռք կ՛երկարէ եւ իր սէրը, Շնորհքը, եւ Խօսքը կը նուիրէ, որովհետեւ մեզ կը սիրէ։
Աճինք Յիսուսին հետ բարեկամութեան մէջ
«Առ այդ մենք մեզի հարց տանք ի՞նչ դիմագիծ ունի Տէրը ինծի համար, բարեկամի կամ օտարականի» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը` որպէսզի օգնէ մեզի աճելու Իր Զաւկին հետ բարեկամութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ