Մենք ալ Յիսուսին նման ուրիշներուն համար դառնանք բեկանուած հաց. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մենք կոչուած ենք դառնալու «հաղորդութիւն» այսինքն անձեր որոնք չեն ապրիր իրենք իրենց համար, սեփականութեան եւ սպառողականութեան տրամաբանութեամբ, այլ անձեր` որոնք իրենց կեանքը գիտեն դարձնել պարգեւ միւսներուն համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 2 Յունիսին Իտալիոյ եւ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ կը յիշատակուի Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Սրբացան Պապը կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած

Վերջին ընթրիքը եւ Յիսուսին պատուէրը

խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ճիշտ տօնի նշանակութեան վրայ մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածը, որ կը պատմէ Յիսուսին վերջին Ընթրիքի դէպքը երբ «Ան կատարեց յանձնումի մը ժեստ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ «բեկանուած հացին ու աշակերտներուն շնորհած բաժակին մէջ Ինքնին Յիսուսն է որ ինքզինք կը պարգեւէ համայն մարդկութեան եւ ինքզինք կը նուիրէ աշխարհի կեանքին համար»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ «եւ տուաւ անոնց» խօսքին վրայ հաստատելով որ «հաղորդութիւնը ամէնէն առաջ յղում է` պարգեւի չափանիշին։ Յիսուս հացը կ՛առնէ ոչ որպէսզի զայն ուտէ առանձին, այլ որպէսզի բեկանէ ու զայն պարգեւէ աշակերտներուն, բացայայտելով իր ինքնութիւնը եւ իր առաքելութիւնը։

Մեր կարգին բեկանուած հաց դարռնանք միւսներուն համար

Ան կեանքը չպահեց իրեն համար այլ զայն պարգեւեց մեզի...Ան մերկացաւ իր փառքէն կիսելու համար մեր մարդկութիւնը ու մեզի մուտք գործել տալու յաւիտենական կեանք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ «Յիսուս իր համայն կեանքը դարձուց պարգեւ» ու ասկէ մեկնելով մատնանշեց թէ «Սուրբ Հաղորդութիւնը կեանքէն բաժնուած պաշտամունքի մը արարքը չէ, կամ ալ անձնական մխիթարութեան պարզ պահ մը, մենք պէտք է յիշենք, որ Յիսուս առնելով հացը, բեկանեց ու տուաւ աշակերտներուն եւ Անոր հետ հաղորդութիւնը մեզի կարող կը դարձնէ մեր կարգին միւսներու համար դառնալու բեկանուած հաց, բաժնեկցելով այն ինչ որ ենք եւ ունինք։

«Մենք կոչուած ենք դառնալու «հաղորդութիւն» այսինքն անձեր որոնք չեն ապրիր իրենք իրենց համար, սեփականութեան եւ սպառողականութեան տրամաբանութեամբ, այլ անձեր` որոնք իրենց կեանքը գիտեն դարձնել պարգեւ միւսներուն համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Դառնանք մարգարէներ եւ նոր աշխարհի մը կառուցողներ

Այսպիսով շնորհիւ հաղորդութեան մենք կը դառնանք մարգարէներ եւ նոր աշխարհի մը կառուցողներ ... երբ կը գերազանցենք եսասիրութիւնը ու կը բացուինք սիրոյն եւ կը մշակենք եղբայրութեան կապեր, երբ կը մասնակցինք եղբայրներու տառապանքին ու կը կիսեն հացը եւ կենսամիջոցները անոնց հետ որոնց զանոնք չունին, երբ տրամադրութեան տակ կը դնենք մեր ունեցած քանքարները, այդ պահուն մենք մեր կեանքին հացը բեկանած կ՛ըլլանք նման Յիսուսին» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մենք մեզի հարցումներ ուղղելու ու հասկնալու եթէ կը նմանինք Յիսուսին։

Ան ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, «Ան որ ընկալեց Յիսուսը. Երկինքէն իջած բեկանուած հաց, եւ Յիսուսին հետ ինքզինք նուիրեց ամբողջութեամբ, օգնէ մեզի որպէսզի դառնան սիրոյ պարգեւ մը, միացած Յիսուսին հետ Հաղորդութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2024, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >