Ըլլանք ազատ` Յիսուսին նման. Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօրուան Աւետարանը (Մարկոս 3,20-35) մեզի կ՛ըսէ, որ երբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը ինքզինք գտաւ կրկնակի հակադարձութեան դիմաց` մէկ կողմէն իր ազգականներունը` որոնք մտահոգուած էին ու կը կարծէին որ խելագար դարձած էր, ապա կրօնական իշխանութիւններունը, որոնք զԱյն կը մեղադրէին գործելու յանուն չար ոգիի։ Իրականութեան մէջ Յիսուս կը քարոզէր եւ հիւանդները կը բուժէր Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ եւ ճիշտ Սուրբ Հոգին է, որ զինք աստուածային կերպով ազատ կը դարձնէր, այսինքն՝ ընդունակ սիրելու և ծառայելու առանց չափի և առանց պայմանի»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ 9 Յունիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, զոր աւանդութեան համաձայն ներկայացուց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Յիսուս ազատ էր հարստութեան դիմաց
Յիսուս ազատ էր հարստութեան դիմաց, շարունակեց Սրբազան Պապը, ասոր համար Ան թողուց իր գիւղի` Նազարէթի ապահովութիւնը, ողջագուրելու համար աղքատ եւ անորոշութիւններով լի կեանք մը (Մատթ. 6,25-34), ձրիաբար խնամելով հիւանդները, եւ որեւէ անձ, որ իրմէ օգնութիւն կը հայցեր, առանց ոչ մէկ բան խնդրելու անոր փոխարէն (Մատթ. 10,8).։
Ազատ իշխանութենէն
Անիկա ազատ էր իշխանութեան դիմաց. Արդարեւ թէեւ շատեր կոչեց իրեն հետեւելու ոչ մէկուն ստիպեց այդ մէկը ընելու եւ հզօրներուն աջակցութիւնը չի փնտռեց, այլ միշտ ինքզինք դրաւ վերջիններու կողքին, իր աշակերտներուն սորվեցնելով նոյնը ընել (Ղուկ. 22,25-27)։
Ազատ փառքի եւ հաւանութեան փնտռտուքին դիմաց
Ի վերջոյ Ան ազատ էր փառքի եւ հաւանութեան փնտռտուքին դիմաց եւ ասոր համար երբեք չի հրաժարեցաւ ճշմարտութիւնը ըսելէ, նոյնիսկ անհասկնալի ըլլալու գինով, անժողովրդական դառնալով, մինչեւ իր մահը խաչին վրայ, թոյլ չտալով, որ սպառնալիքով վախցնեն զինք, ոչ գնեն եւ ոչ ալ կաշառեն ոչ մէկ բանով եւ ոչ մէկէ (Մատթ. 10,28)։
«Յիսուս ազատ մարդ էր եւ այս մէկը մեզի համար եւս կարեւոր է» ըսաւ ապա Քահանայապետը զգուշացնելով հաճոյքի, իշխանութեան, փողի կամ հաւանութեան փնտռտուքներու ազդեցութենէն եւ անոնց ստրուկը դառնալու վտանգէն։
Ըլլալ ազատ Յիսուսին նման
«Իսկ եթէ թոյլ տանք, որ Աստուծոյ ազատ սէրը լեցնէ և ընդլայնէ մեր սիրտը, և եթէ թոյլ տանք, որ ան ինքնաբերաբար հորդի` զայն միւսներուն փոխանցելով մեր կարգին, առանց վախի, հաշուարկներու և պայմանաւորուածութիւններու, այդ պահուն մենք կ՛աճինք ազատութեան մէջ եւ մեր շուրջ եւս կը տարածենք անուշ բոյրը, մեր տուներուն մէջ, մեր ընտանիքներուն և մեր համայնքներուն մէջ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ ազատ մարդիկ ենք եւ կամ թոյլ կու տանք կաշկանդուիլ:
«Սուրբ Կոյսը թող օգնէ մեզի որպէսզի ապրինք ու սիրենք այնպէս ինչպէս մեզի սորվեցուց Յիսուս` Աստուծոյ զաւակներու ազատութեամբ (Հռովմ. 8,15.20-23)» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ